2011-01-02 10:31:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ամանորի պատգամը` Նորին Սրբութիւնը կոչ կ'ուղղէ դրական յանձնառումով գործել խաղաղութեան ի խնդիր։


Յունուար մէկի մատուցած պատարագին ընթացքին, խաղաղութեան համաշխարհային 44-րդ օրուան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ազգերու պատասխանատուները ոչ թէ խօսքով այլ աւելի դրական յանձնառութեամբ գործելու խաղաղութեան ի նպաստ։ Բառերը բաւարար չեն, ընդգծեց Սրբազան Հայրը, հարկաւոր է որ ամէն անհատ տոքորուած ըլլայ խաղաղութեան ճշմարիտ ոգիով։ Այսօր կ'ուզենք թարգմանը ըլլալ անհամար այրերու, կիներու եւ մանուկներու որոնք երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ հարստահարուած են իրենց հաւատքին համար, ասոնց համար կը խնդրենք կրօնքի ազատութիւն, խղճի ազատութիւն։
Յունուար մէկի կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին` հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ` Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս անդրադարձաւ խաղաղութեան մասին։ Խնդրենք Տիրամօրմէն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որուն տօնն է այսօր, իր Որդւոյն օրհնութիւնը։ Արդարեւ Յիսուս մեր օրհնութիւնն է։ Ան մեզի տուաւ իր սէրն ու կենաքը, ճշմարտութեան լոյսը, մեղքերու թողութիւնը, մեզի տուաւ իր խաղաղութիւնը։ Ան աշխարհին բերաւ խաղաղութեան ու սիրոյ սերմը։ Հեթանոսներու առաքեալը կը բացականչէ. ''Յիսուս Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է, որովհետեւ Յիսուսի անունը կը գերազանցէ ամէն անուն, կը ներփակէ Աստուծոյ լման տէրութիւնը։ Մենք գիտակից ենք թէ կարելի չէ հաստատել խաղաղութիւնը զէնքով եւ ոչ ալ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կամ լրատուութեան իշխանութեամբ։ Խաղաղութիւնը պտուղն է այն խիղճին որ բաց է ճշմարտութեան ու սիրոյ։ Թող Տէրը օգնէ մեզի այս տարւոյն ընթացքին յառաջանալու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ յառաջաիկայ հոկտեմբերին Ասիզի քաղաքը պիտի երթայ, վերակոչելու իր նախաորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի` 25 տարի առաջ կազմակերպած կրօններու ներկայացուցիչներու հաւաքը, վերանորգելու անոնց յանձնառումը գործելու խաղաղութեան հաստատումին ու իրականացումին համար։ Աղօթքս է որ աշխարհի բոլոր հաւատացեալները կարողանան ազատօտէն ու հրապարակաւ դաւանիլ ու ապրիլ իրենց հաւատքը։ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով . Բարի ու երջանիկ 2011 տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.